Ցաւակցութիւն Նշանակ կայքէջէն
«Նշանակ» իր ցաւակցութիւնը կը յայտնէ «Ազատ-Հայ» կայքէջի գլխաւոր խմբագիր Հրաչ Քալսահակեանին իր հօր՝ Յակոբ Քալսահակեանի մահուան առթիւ, որ տեղի ունեցաւ յետ կարճատև հիւանդութեան:
Յակոբ Քալսահակեան իր ամբողջ կեանքը նուիրած էր հայ մշակոյթին ու հայ դպրոցին, որպէս կրթական մշակ և վարժարաններու տնօրէն:
Հաւատաւոր և գործունեայ անդամ էր Հ.Յ.Դաշնակցութեան:
Թող հողը թեթև գայ իր ոսկորներուն:
«Նշանակ», Շարժա, ԱՄԷ, 05 Յուլիս 2009
(Խմբագիր՝ Նշան Պասմաճեան)
25-06-2010